2009-04-01 13:49:44

Վատիկանեան տեղեկութիւններ `

Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը` կարտինալ Սանտրի իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես Ս. Երկրի քրիստոնեաներու գաղթին ։


Ամէն տարի Աւագ Ուրբաթ օրուան առթիւ Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը նամակ մը կ՛ուղղէ աշխարհի եպիսկոպոսներուն, հայցելով անոնց դրամական օգնութիւնը Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն ի խնդիր։ Այս տարի իր ուղղած նամակին մէջ, կարտինալ Սանտրի իր վախը կը յայտնէ որ Ս. Երկիրը մնայ առանց քրիստոնեաներու, ու եպիսկոպոսներէն կը խնդրէ որ շահագրգռեն հաւատացեալները այս հարցին շուրջ։ կարտինալ Սանտրի, նամակին մէջ մասնաւորապէս կը շեշտէ Ս. Երկրի քրիստոնեաներու գաղթին մասին, մատնանշելով թէ այդ հողը որ դարձաւ օրրանը քրիստոնէութեան կը պարպուի քրիստոնեաներէն, անապահովութեան պատճառաւ ու խաղաղութեան պակասի հետեւանքով։

Երուսաղէմի լատին պատրիարքութիւնը իր կարգին աղօթք մը յօրինած է Սրբազան Քահանայապետի Ս. Երկիր այցելութեան առթիւ։ Աղօթքին մէջ Աստուծմէ կը խնդրուի որ բարենորոգէ հաւատացեալներու սրտերը ու անոնց պարգեւէ առատ շնորհք։

Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Ս. Երկիր յառաջիկայ Մայիս 8-15։








All the contents on this site are copyrighted ©.